2008-11-18 11:22:03

Ծիսական ժամանակացոյցը Երեքշաբթի` նոյեմբեր 18 Յիսնակի պահքին Բ օր


Ընթերցում Ս. Ղուկասի Աւետարանէն։

Կին մը երանի կը կարդայ Յիսուսի։

Մինչ ան այս բաները կը խօսէր, ժողովուրդէն կին մը իր ձայնը բարձրացուց եւ ըսաւ Երանի՜ այն արգանդին, որ քեզ կրեց եւ այն ստինքներուն, որ քեզ դիեցուցին ։ Յիսուս ըսաւ. Անոնց է այդ երանին, որոնք, (երբ) Աստուծոյ խօսքը կը լսեն՝ զայն կը կատարեն։ Երբ դիզուելու սկսաւ ժողովուրդը՝ սկսաւ ըսել Չար սերունդ է այս սերունդը, նշան կ՛ուզէ եւ երկնքէ՛ն նշան մը։ Բայց ուրիշ նշան պիտի չտրուի ասոր, բացի Յովնանի նշանէն։

Որովհետեւ, ինչպէս ինք Յովնան, նշան եղաւ նինուէացիներուն, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին (նշան) պիտի ըլլայ այս մարդոց համար։ Դատաստանի ժամանակ՝ այս սերունդի մարդոց դէմ պիտի ելլէ հարաւի թագուհին եւ պիտի դատապարտէ զանոնք, որովհետեւ աշխարհիս միւս ծայրէն եկաւ ան՝ Սողոմոնի իմաստութիւնը լսելու համար եւ ահա, Սողոմոնէն ալ մեծը կայ հոս։ Դատաստանի ժամանակ՝ այս սերունդին դէմ պիտի ելլեն նինուէացիները եւ պիտի դատապարտեն ասոնք, որովհետեւ իրենք՝ ապաշխարեցի՛ն Յովնանի քարոզութեամբ եւ ահա, Յովնանէն ալ աւելի մեծը կայ հոս։



Աւետարանի մեկնութիւն։ Հարաւի թագուհին – Հրեաները այսպէս կը կոչէին արաբական թերակղզին, որ բաժնուած էր զանազան թագաւորութիւններու։ Այս թագաւորութիւններէն մէկը` Սաբայի թագուհին, շքեղ կարաւանով, ընծաներով Երուսաղէմ եկաւ տեսնելու Սողոմոն թագաւորը եւ հիանալու անոր իմաստութեան վրայ։

Պահոց ԱԿ Շարականէն։

Մեղայ, Տէր, մեղայ։ Բազումողորմ Աստուած ողորմէ ինծի։ Տէր, քու առջեւդ կը խոնարհիմ, կը խոստովանիմ յանցանքներս, ողորմէ ինծի։








All the contents on this site are copyrighted ©.